2013-07-07 11:42:20

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Այցելութիւնը Իտալիոյ Լամբէտուզա Կղզի` Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Կեդրոնատեղի։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Այցելութիւնը Իտալիոյ Լամբէտուզա Կղզի` Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Կեդրոնատեղի։

Երկուշաբթի 8 յուլիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութամբ ժամանեց Իտալիոյ հարաւային շրջանը գտնուող Լամբէտուզա կղզին, որ վերջին տարիներուն դարձած է փախստականներու եւ գաղթականներու կեդրոնատեղի։

Նորին Սրբութիւնը, խորապէս ազդուած՝ իտալիոյ ծովուն մէջ վերջերս ընկղմած Ափրիկէյէն գաղթականներ փոխադրող նաւի լուրէն, որոշած էր այս այցելութիւնը կատարել աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերուն դիտաւորութեան, այցելելու գաղթականներու կեդրոնները, խրախուսելու Լամբէտուզա կղզիի բնակիչները եւ ամէնուն ուղղելու պատասխանատուութեան կոչ մը` օգնութեան հասնելու համար ''մեր այս եղբայր ու քոյրերուն''։

Երկուշաբթի 8 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնեցաւ Հռոմի Չամբինօ Օդակայանէն եւ 1 ժամ քարրորդ տեւող ճամբորդութենէն ետք 9,15-ին հասաւ Լամբէտուզայի օդակայան ուր զինք դիմաւորեցին Ակրիճէնդոյի արքեպիսկոպոս գերապայծառ ֆրանչէսքօ Մոնդէնէկրօն եւ Լամբէտուզայի քաղաքապետ Տիկ.՝ Ճուզէբբինա Նիքոլինին։

Սրբազան Հայրը ու իրեն ընկերացող շքախումբը ուղղուեցան ապա Գալա Բիզանա ուրտեղէն նաւով մեկնեցան դէպի Լամբէտուզայի նաւահանգիստ։ Նաւարկութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը ջուրերուն յանձնեց ծաղկեփունջ մը ծովի զոհերու յիշատակին։

Նաւահանգիստ ժամանելու Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորեցին խումբ մը գաղթականներ որոնք կարելիութիւն ունեցան ողջունելու Սրբազան Հայրը որ հանդիպումի աւարտին իքնաշարժով ուղղուեցաւ ''Արէնա'' անուամբ Սալինայի շրջանը գտնուող մարզական դաշտ, ուր ժամը 10-ին գլխաւորեց բացօթեայ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ այցելութիւն մը կատարեց Սուրբ Կէրլանտոյի անուան ժողովրդապետութիւն` ուրտեղէն ապա կՌուղղուի Լամբէտուզայի օդակայան ու մէկ ժամ թռիչքէ ետք կը հասնի Հռոմի Չամբինօ օդակայան եւ անմիջապէս կը տեղափոխուի Վատիկան։

Ներգաղթի, փախստականութեան ու մարդավաճառութեան հարցերը եղած են ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւններէն մին։ Արդարեւ Ան իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Սուրբ Զատկուայ պատգամին մէջ մարդավաճառութիւնը ընդգծած էր որպէս ''20րդ դարու ամէնէն տարածուած ստրկութիւնը''։ Ան յաճախ դատապարտած է ''ստրկացնող աշխատանքը'' մեղադրելով աշխարհի մէջ միլիոնաւոր անհատներու արժանապատուութեան ''ոտնահարումը'', աշխարհի մը մէջ ուր աւաղ շատ անգամ - ըսած էր Քահանայապետը - ''դրամն է որ կը գերիշխէ''։
Իսկ 24 մայիս 2013-ին թափառաշրջիկներու եւ փախստականներու Հովութեան Քահանայապետական խորդուրդի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսած էր '' մի մոռնաք որ Քրիստոսի մարմինը կը գտնուի ապստանեալներւ մարմինին մէջ, անոնց մարմինը Քրիստոսի Մարմինն է։ Իր այս հովուական այցելութեամբ ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց իր ու եկեղեցաւոյ մօտիկութիւնը յայտնել բոլոր տառապեալներուն։ Եկեղեցի մը որ իրմէ դուրս կ՛ելլէ երթալու համար կարօտեալին օգնութեան ու միեւնոյն ատեն ուզեց հաւաքական պատասխանատուութեան կոչ մը ուղղել որպէսզի այս որղբերգրական իրողութեան լուծումներ գտնուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.